2011-12-19 13:29:25

ֆրանսայի եկեղեցիներու խորհուրդի ծննդեան պատգամը` ''Եւ Բանն մարմին առաւ եւ մեր մէջ բնակեցաւ''։


Յոսուսի ս. ծննդեան եւ ամանորի զոյգ տռօներուն առթիւ, ֆրանսայի եկեղեցիներու խորհուրդը իր պատգամը ուղղեց ֆրանսայի քրիստոնեաներուն, անոնցմէ խնդրելով որ մօտ ըլլան բոլոր անոնք որոնք կարիգաւոր են։
Պատգամը որ ստորագրուած է կաթողիկէ, օրթոտոքս եւ բողոքական եկեղեցապետերէն, կը յիշեցնէ գալուսը Էմմանուէլին։ Յիսուս որ Աստուած է ուզեց մարմնանալ մարդոց նմանելու համար։ Սքանչելի փոփոխութեամբ, Աստուած մեր բնութիւնը առաւ։
ֆրանսայի եկեղեցիներու խորհուրդը կը քաջալերէ ֆրանսայի քրիստոնեաները Աստուծոյ նմանիլ ու մեր ակնարկը ուղղենք կարօտեալին ու կարիգաւորին։
Յայտնենք, որ 1987էն ասդին ֆրանսայի եկեղեցիներու խորհուրդը տեղեկատուութեան, երկխօսութեան ու նախաձեռնութիւններու վաայրն է. կաթողիկէ, օրթոտոքս եւ բողոքական համայնքներու։ Անոր աթոռը Փարիզ կը գտնուի։








All the contents on this site are copyrighted ©.